image

Ձերբակալումներ Հայաստանի մէջ. ԱԱԾ-ն բերման ենթարկած է ՊՎԾ-ի շարք մը աշխատակիցներ

Ձերբակալումներ Հայաստանի մէջ. ԱԱԾ-ն  բերման ենթարկած է ՊՎԾ-ի շարք մը աշխատակիցներ

ժամեր առաջ ՀՀ ԱԱԾ-ն ձերբակալած է ՀՀ Պետական վերահսկողական ծառայութեան 4 աշխատակից՝ այդ շարքին ՀՀ ՊՎԾ-ի երկու վարչութիւններու պետեր Ատեան եղբայրները. կը յայտնէ Analitik.am-ը։

Օրեր առաջ նոյն կայքը   հրապարակում ըրած էր, որ ԱԱԾ-ի մէջ նիւթեր կը նախապատրաստուին Պետական վերահսկողական ծառայութեան պետ Դաւիթ Սանասարեանի եւ ծառայութեան երկու վարչութիւններու պետերու դէմ քրէական գործ յարուցելու համար: