Եգիպտոսի նախագահ Սիսին Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին համոզած է, որպէսզի Սուրիան եւս ներկայ գտնուի Ռիատի մէջ, մայիս ամսուան աւարտին կայանալիք Արաբական Լիկայի գագաթնաժողովին: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար»:
Աղբիւրին համաձայն, 9 երկիրներ պահանջած են Ասատի մասնակցութիւնը այս ժողովին, որ կրնայ սուրիական-սէուտական յարաբերութիւններու նոր փուլ սկսելու առիթ ըլլալ:
Դամասկոս չէ արձագանգած այս լուրին, սակայն արաբական բանակցութիւններ կը կատարուին Ասատի հետ, որպէսզի ան մասնակցի գագաթնաժողովին: Սիսի նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է Դամասկոս այցելել, ուրկէ միասնաբար նախագահ Ասատի հետ ուղղուին Ռիատ: