image

Daily Sabah. Թուրքիա կը հերքէ թէ Տիարպէքիրի եկեղեցիները պիտի պետականցուին

Daily Sabah. Թուրքիա կը հերքէ թէ Տիարպէքիրի եկեղեցիները պիտի պետականցուին

Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Վարչապետական ​​աղբիւրները հերքած են վկայութիւնները այն մասին, որ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, կամ որեւէ կառավարական հաստատութիւն եկեղեցիներ «գրաւած է» երկրին մէջ, յատկապէս՝ հարաւ-արեւելքի շրջանէն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ», նշելով, որ երկուշաբթի օր հրապարակուած ընդհանուր յայտարարութեամբ, կառավարութեան եւ PKK-միջեւ բախումներու հետեւանքով տուժած կրօնական գոյքերը պիտի վերադարձուին իրենց սեփականատէրերուն, հազիւ անոնց վերականգնման աշխատանքները աւարտին:

«Սապահ» նաեւ կը նշէ, որ վերջին շաբաթներուն լրատուական հաղորդումներ եղած են կաթոլիկ, բողոքական եւ ասորի եկեղեցիներու Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ գրաւման մասին. որոշ լրատուամիջոցներ նաեւ նշած էին, որ Տիարպէքիրի Սուրի հայ կաթողիկէ Ս. Կիրակոս եկեղեցին պիտի ոչնչացուի, հին քաղաքի կեդրոնի վերակառուցման աշխատանքներու ծիրէն ներս, որ մեծապէս վնասուած էր այնտեղ տիրող սուր բախումներու հետեւանքով: Վարչապետական աղբիւրներ նաեւ նշած են, թէ Հայ Կաթողիկէ Ս. Կիրակոս  եկեղեցւոյ զանգակատունը եւ դուրսի պատերը, ինչպէս նաեւ քահանային տունը ամբողջութեամբ աւերուած են:

Նոյն յայտարարութեան համաձայն, կառավարութիւնը եկեղեցին չէ գրաւած, այլ միայն միջոցներ  յատկացուցած է  զայն վերականգնելու, որպէս մաս «Թուրքիոյ կրօնական եւ մշակութային բազմազանութիւնը շեշտելու գործի յաւելեալ ջանքերուն»: