image

Բրիտանիա մտահոգ է. Կան ահաբեկչական լուրջ սպառնալիքներ

Բրիտանիա  մտահոգ է. Կան ահաբեկչական լուրջ  սպառնալիքներ

Բրիտանիոյ արտաքին հետախուզթեան (MA6) ղեկավար՝ Ալեքս Եանկըր զգուշացուցած է Միացեալ թագաւորութեան տարածքին յարձակումներու «անկանխատեսելի վտանգէն», Սուրիոյ պատերազմին ու Իսլամական պետութիւն խմբաւորման լոյսին տակ: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ Եանկըր նաեւ յայտնած է, որ 2013-ի յունիսէն ի վեր, բրիտանական հետախուզական եւ անվտանգութեան ուժերը կասեցուցած են 12 ահաբեկչական ծրագիրներ:

AFP կը յայտնէ, թէ, որ նախկին զինուորական Ալեքս Եանկըր, 1991-ին, անդամակցած է MA6-ին: Անոր կարծիքով Տոնալտ Թրամբի ընտրութենէն ետք, Լոնտոն-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին: