ԲՀԿ նախագահ Գագիկ Ծառուկեանն իր ֆէյսբուքեան էջին յայտարարած է, թէ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը կ'ընդունի երէկ կայացած Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու արդիւնքը եւ կը շնորհաւորեն «Իմ քայլը» դաշինքը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութիւնն ամբողջութեամբ.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Կտրականապէս մերժելով հասարակութիւնը սեւերի եւ սպիտակների բաժանելու վտանգաւոր մօտեցումը՝ այդուհանդերձ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնն ընդունում է ընտրութեան արդիւնքները եւ շնորհաւորում «Իմ քայլը» դաշինքին:
Ես նաեւ շնորհակալութիւն եմ յայտնում իմ թիմին սկզբունքային, գրագէտ եւ քորեքթ պայքարի համար: Յոյս ունենք, որ երեւանցիներին խոստացուած բոլոր ծրագրերը կը դառնան իրականութիւն:
Աստուած պահապան մեզ բոլորիս»: