image

Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդը (ԲԴԽ) ունի նոր նախագահ

Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդը (ԲԴԽ) ունի  նոր նախագահ

Բարձրագոյն դատական խորհուրդը, ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 174-րդ յօդուածի, «Հայաստանի Հանրապետութեան դատական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքի 84-րդ յօդուածի պահանջներով, այսօր՝ 19 յուլիսին, կազմակերպած է Խորհուրդի նախագահի ընտրութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Բարձրագոյն դատական խորհուրդի մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութենէն:

Օրէնքով սահմանուած կարգով՝ Խորհուրդը գաղտնի քուէարկութեամբ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ ընտրած է Ռուբէն Վարդազարեանը: