Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ պոլսահայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիին նուիրուած յուշ երեկոյ մը տեղի ունեցած է: Ձեռնարկին խօսք առած է այս առթիւ Հայաստանէն հրաւիրուած հայրենի գրականագէտ եւ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Բանախօսութիւն-յուշ երեկոն տեղի ունեցած է երեքշաբթի 26 ապրիլին, Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի «Վասպուրական» սրահին մէջ: