image

Ազրպէյճանը Կը Շարունակէ Խախտել Հրադադարը. Հայկական Կողմը Ունի Երկու Զոհեր

Ազրպէյճանը Կը Շարունակէ Խախտել Հրադադարը. Հայկական Կողմը Ունի Երկու Զոհեր

Ապրիլի 7-ի լոյս 8-ի գիշերը ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ողջ երկայնքով հակառակորդը շարունակած է խախտել կրակի դադարեցման շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը, որու ընթացքին կիրառած է տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ (2000-է աւելի կրակոց) եւ 60 միլիմեթրանոց ականանետ (2 արկ):

ԼՂՀ ՊԲ մամլոյ ծառայութեան այս մասին փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, խախտումները առաւել եւս կեդրոնացած եղած են շփման գօտիի հիւսիսային (Թալիշ) ուղղութեամբ, որոնց հետեւանքով զոհուած է շարքային պայմանագրային, 1983թ. ծնուանդ՝ Հրաչ Սամուէլի Մուրատեանը եւ կան նաեւ վիրաւորներ:

Առաջնագիծի մէկ այլ՝ հիւսիսարեւելեան հատուածին, տակաւին ամբողջութեամբ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, մահացու հրազէնային հարուած ստացած է 1996-ի ծնունդ շարքային զինծառայող Գէորգ Աշոտի Մղտեսեանը: Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուին քննութիւն:

 ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուածներու ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: