image

«Այսօր Լիբանանի համար, նոր հանգրուան մը սկիզբ պիտի առնէ. Սամիր Ժաաժա

«Այսօր Լիբանանի համար, նոր հանգրուան մը սկիզբ պիտի առնէ. Սամիր Ժաաժա

«Այսօր Լիբանանի համար նոր հանգրուան մը պիտի բացուի»,-այսպէս յայտարարեց «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան առաջնորդ Սամիր Ժաաժա: Ժաաժա նաեւ նկատել տուաւ, որ Զօր. Միշէլ Աունի՝ նախագահ դառնալու վերաբերեալ համաձայնութիւնը երկրի քաղաքական գլխաւոր կողմերուն ճիգերով է, որ եղաւ ու «անկէ ետք է միայն, որ շրջանային ուժեր ողջունեցին այս համաձայնութիւնը եւ համաձայն եղան անոր նախագահ դառնալուն»: Ժաաժա, որ վերջին ամիսներուն Աունի ղեկավարած «Ազգային ազատ հոսանք»ին հետ քաղաքական դաշինք մը կնքելով առաջադրած էր Աունի թեկնածուութիւնը, նաեւ ըսաւ, որ նախագահի ընտրութեան հանգրուանին պիտի յաջորդէ նոր կառավարութեան կազմութիւնը եւ այդ կազմութիւնը շատ արագ պիտի ըլլայ: Քրիստոնեայ ղեկավարը, որ կանխաւ շնորհաւորեց Աունը, նշեց, որ նոր նախագահի ուսերուն կան բաւականին առաջնային ու ծանրակշիռ խնդիրներ, որոնց դիմաց Աուն պէտք է մնայ անդրդուելի եւ յաջողութեամբ սկսի իր նախագահական նստաշրջանը: