«Սեպտեմբր 11»-ի դէպքերուն 15-րդ տարուան առթիւ «Ալ Քահիտա» ահաբեկչական շարժման առաջնորդ Այման Ալ Զաուահիրի այսօր հրապարակուած տեսանիւթով մը նոր սպառնալիքներ ուղղած է Ամերիկային: Զաուահիրի նաեւ ըսած է, թէ իրենք պատրաստ են հարիւրաւոր «11 Սեպտեմբեր»ներ իրականացնել: Ան այդ դէպքերուն 15-րդ տարուան առթիւ խօսելով նաեւ ըսած է, թէ գործողութիւնը արդիւնք էր Ամերիկայի կողմէ իսլամական երկիրներուն ու ժողովուրդներուն դէմ իրականացուած սխալ քաղաքականութեան: Եգիպտացի արմատներ ունեցող «Ալ Քահիտա»ի ղեկավարը նաեւ ըսած է, որ աշխարհը կրնայ փրկուիլ միայն իսլամութեան շնորհիւ եւ ճանապարհով: Զահուահիրի նաեւ խօսած է անցնող ամիսներուն ԱՄՆ -ի մէջ գրանցուած սեւամորթ- սպիտակամորթ լարուածութեան եւ բախումներուն մասին նշելով, որ ԱՄՆ-ի մէջ սեւամորթներուն իրաւունքները անտեսուած են եւ անոնք յայտնուած են մեծ ճնշումներու տակ: Ըստ Զաուահիրիի Ամերիկայի սեւամորթներուն իրաւունքները կը պահպանուին, միայն իսլամական կրօնքին միջոցաւ: Նշենք, որ այս տարի կը լրանայ Նիւ Եորք քաղաքի Twin Tower-ի դէպքերուն 15-րդ տարին: Այդ օր 19 զինեալ ահաբեկիչներ քաղաքացիական առեւանգուած օդանաւերով յարձակում կը գործէին Նիւ Եորքի երկու առեւտրային հիմնական շէնքերուն վրայ: Հսկայ շէնքերուն փուլ գալուն հետեւանքով կը զոհուէին շուրջ 3000 անձեր: Ամերիկայի արդի պատմութեան մէջ 11 սեպտեմբերը (9/11) կը համարուի իսլամիստ խմբաւորումներու ու մասնաւորապէս Սէուտցի արմատներով՝ Ուսամա Պըն Լատէնի եւ անոր հիմնած կազմակերպութեան ՝ «Ալ Քահիտա» շարժումի պայքարի սկզբանւորութեան ՝ խորհրդանիշ օր: