Պապատայի նախագահական պալատէն ներս քիչ առաջ յայտարարուեցան նորակազմ կառավարութեան անդամներու անունները: 30 Նախարարներէ կազմուած կառավարութեան մաս կը կազմեն երկու հայ նախարարներ՝ Աւետիս Կիտանեան եւ Ժան Օղասաբեան: Նշենք, որ մինչ Կիտանեան կը ներկայացնէ ՀՅԴ-ն, Ժան Օղասաբեան կառավարութեան մաս կը կազմէ ներկայացնելով «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքը:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ կառավարութեան կազմութիւնէն անմիջապէս ետք յայտարարութիւն մը կատարեց, յայտնելով, որ նախագահ Աունի պաշտօնավարութեան առաջին այս կառավարութիւնը պիտի ունենայ կարճաժամկէտ պաշտօնավարութիւն եւ իրենց համար այսօր ամէնէն հիմնականը ընտրական նոր օրինագծի մշակումն ու վաւերացումն է: