image

Ատրպէյճանի մէջ դատապարտուած Կարէն Ղազարեանի հայրը այցելած է Ատրպէյճանցի սահմանախախտին

Ատրպէյճանի մէջ դատապարտուած Կարէն Ղազարեանի հայրը այցելած է Ատրպէյճանցի սահմանախախտին

Երէկ՝ 22 մարտին, Ատրպէյճանի իրաւազօրութեան ներքոյ յայտնուած եւ յետագային 20 տարուան ազատազրկման դատապարտուած ՀՀ քաղաքացի Կարէն Ղազարեանի հայրը` Արմէն Ղազարեանը այցելած է 16 մարտին ՀՀ պետական սահմանը խախտած, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքացի Էլվին Արիֆ Օղլու Հիպրակիմովին: Այս մասին  հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորածներու հարցերով զբաղուող միջգերատեսչական յանձնաժողովը։

Ատրպէյճանցի սահմանախախտի հետ զրոյցի ժամանակ Ա. Ղազարըանը հետաքրքրուած է անոր առողջական եւ բարոյահոգեբանական վիճակով: Էլվին Արիֆ Օղլու Հիպրակիմովը Կարէն Ղազարեանի հօրը պատմած է իր պահպանման վայրի պայմաններու, իրեն տրամադրուած պատշաճ բուժօգնութեան մասին՝ տեղեկացնելով, որ հայ բժիշկները հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերած են իր նկատմամբ:

Զրոյցի ընթացքին Կ. Ղազարեանի հայրը Է. Հիպրակիմովին պատմած է Կարէնի պատմութիւնը, որ նոյն կերպ մէկ տարի առաջ մոլորուած եւ յայտնուած էր Ատրպէյճանի իրաւազօրութեան ներքոյ, սակայն ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ անարդարացիօրէն դատապարտուած է ազատազրկման շինծու մեղադրանքներու հիման վրայ:

Կարէն Ղազարեանի հայրը Է. Հիպրակիմովին մաղթած է շուտափոյթ ապաքինում։