image

Ասատ կը սպառնայ. «Պիտի հարուածենք Սուրիոյ վրայով անցնող թրքական օդանաւերը»

Ասատ կը սպառնայ. «Պիտի հարուածենք Սուրիոյ վրայով անցնող թրքական օդանաւերը»

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ռուսական ղեկավարութեան յայտնած է, որ ինք չընդունիր թրքական ռազմական օդանաւերու Սուրիոյ տարածքին վրայով սաւառնիլը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», նշելով որ Ասատ զգուշացուցած է, որ ինք 26 մարտէն սկսեալ պիտի հարուածէ սուրիական տարածք մտնող որեւէ թրքական ռազմական օդանաւ: Ան խնդրած է, որ այս մասին ռուսական ղեկավարութիւնը տեղեկացնէ թրքական ղեկավարութեան:

 

Ռուսական «Sputnic» գործակալութիւնը նշած է, որ Ասատ նեղացած է Թուրքիոյ կողմէ սուրիական հողերու բռնագրաւումէն, սակայն Ռուսիան միջամտած է, խուսափելու համար սուրիական եւ թրքաան բանակի միջեւ կռիւի բռնումէն: