image

Առաջին անգամ ըլլալով «Համաս» կը մասնակցի «Ֆաթհ»ի համագումարին

Առաջին անգամ  ըլլալով «Համաս»  կը մասնակցի    «Ֆաթհ»ի   համագումարին

Առաջին անգամ ըլլալով  պաղեստինեան  «Համաս»  շարժումի  ներկայացուցիչներ մասնկացած են՝ Ռամալլայի մէջ կայացած «Ֆաթհ»-ի  համագումարին, որուն ընթացքին քաղաքական գրասենեակի ղեկավար՝ Խալէտ Մաշհալի խօսքը փոխանցած է շարժումի օրէնսդրական խորհուրդի անդամ, երեսփոխան՝ Ահմէտ Ալ Հաժ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Քուտս», աւելցնելով, թէ Մաշհալի խօսքին մէջ «Ֆաթհ»-ի եւ համայն ազգային ուժերու եւ փաղանգներու հետ  համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը յստակ էր Համասի կողմէ:

Յիշեցնենք, որ Համաս 2009-ին, «Ֆաթհ»-ի անդամներուն արգիլած էր Կազայէն արեւմտեան հատուած անցնիլ, մասնակցելու Բեթղէհեմի մէջ կայացած 6-րդ համագումարին: Ինչպէս նաեւ 2007-էն ի վեր, երկու կողմերուն միջեւ հաշտութեան փորձերը չեն յաջողած, Համասի՝ Կազայի   մէջ ամբողջական իշխանութիւն յայտարարելէն ետք: