image

Առաջին անգամ կին մը ապահովական բարձր պաշտօն պիտի վարէ Թունէսի մէջ

Առաջին անգամ  կին մը ապահովական բարձր պաշտօն պիտի վարէ Թունէսի  մէջ

Թունէս- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Թունէսի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կին մը անվտանգութեան պաշտօնի վրայ նշանակուած է , այս մասին յայտնած է Թունէսի ներքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Եասէր Մըսպահը:

Մըսպահ նաեւ նշած է, որ Նաժաթ Ալ-Ժաուատի նշանակուած է որպէս  անվտանգութեան առաջին տնօրէն, որու պարտաւորութիւնն է ազգային անվտանգութեան ընդհանուր կառավարման մէջ ուղղութիւններու համադրումը:

Հակառակ անոր որ Թունէսի մէջ կինը երկար տասնամեակներէ ի վեր կը վայելէ աշխատանքային եւ իրաւական իւրայատուկ իրաւունքներ՝ արաբական աշխարհի միւս երկիրներուն  համեմատած, սակայն հոն ալ մինչեւ օրս կինը հեռու մնացած էր անվտանգութեան ոլորտի մէջ նման բարձր զգայուն պաշտօններ զբաղեցնելէ: