SOS նախաձեռնութիւնը կ'ահազանգէ Լիճքի մէջ՝ «Արեւիկ» ազգային այգիի մօտ ապօրինի հանքի գործունէութեան մասին եւ կը պահանջէ Սիւնիքի մարզպետարանէն հանրային հաշուետւութիւն տալ առ այն, թէ հանքը մինչեւ երբ գործած է, ապագային պիտի գործէ՞, թէ՞ ոչ, ով պէտք է պատասխան տայ նկարներուն մէջ ներկայացուող պատկերի համար (արտահոսող աղտոտած վտակներ)։
Տեսանիւթի հեղինակը նշած է, որ նկարահանումը կատարուած է յատուկ պահպանուող տարածքի մէջ։