Նախորդ գիշեր Լաս Վեկասի մէջ (Նեւատայի նահանգ) կայացած Հիլարի Քլինթըն-Տոնալտ Թրամփ հրապարակային 3-րդ վճռական ու վերջին բանավէճը (Debate) ամերիկեան նախընտրական «ձիարշաւի» հաւանաբար վերջին ձողապատնէշն էր, որմէ այն կողմ, մինչեւ 8 նոյեմբեր ֆինիշի գիծը, կը մնայ ընդամէնը 19 օր, որուն ընթացքին շոգեպինդ կ′աշխատին հիմնականին մաթեմաթիկոսները հաշուել-որոշելու համար յաղթող ձին:
Անկեղծօրէն՝ «ձի» բառը այստեղ օգտագործեցի ափսոսանքով, քանզի այս եւ նախորդ երկու բանավէճերը շատ հեռու էին այդ ազնուական կենդանիի վարքն ու գեղեցկութիւնը ցուցադրելէ: Ընդհակառակը, այս անգամ անսովոր առատ էին փոխադարձ տգեղ աքացիներըՙ կենսագրութեան մութ ծալքերու, խենեշութեան, կաշառակերութեան, մեծագումար հարկերէն խուսափելու, դաւաճանութեան, տարբեր խաբէութիւններու բացայայտմամբ փոխադարձ մեղադրանքներով: Այդպես ալ մենք չտեսանք ամերիկեան մեծ ժողովուրդին ու գերհզօր պետութեան արժանի պետական գործիչին, այն պետական ղեկավարին, որ ամբողջական պատասխանատուութեամբ իր տեսակէտները ու ծրագրերը կը պարզէ ոչ միայն ներքին, այլեւ արտաքին, աւելինՙ համաշխարհային եւ նոյնիսկ տիեզերակա՜ն հարցերու շուրջ: Չէ՞ որ Մ. Նահանգները այդպէս կը ներկայանայ ողջ աշխարհինՙ որպէս ժողովրդավարութեան ամրոցի եւ իրաւունքներու պաշտպանի, անարդարութիւններու դէմ մարտնչողի, իրաւարարի, խաղաղարարի, դատաւորի, ահաբեկչութեան զսպիչի կերպարով:
Դժբախտաբար, նախագահութեան զոյգ թեկնածուները, ինչպէս նախորդ երկու բանավէճերուն ընթացքին, այնպէս ալ այս անգամ ինքզինք դրսեւորեցին իբրեւ ոխերիմ հակառակորդներ, չխուսափելով «գօտկատեղէն ներքեւ» հասցուող հարուածներէն: Զարմանալ կարելի է. մի՞թէ ամերիեան հասարակութիւնը, ընտրական զանգուածները այսքան անհանդուրժող են միմիանց նկատմամբ, թէ՞ զոյգ թեկնածուները կտրուած են իրենց հասարակութենէն:
Մինչ ծայրայեղական իր հայեացքներով ծանօթ Թրամփը կը խօսէր մամուլի կաշառուածութեան եւ «ընտրողներու միտքը թունաւորելու» մասին, Քլինթոնը անոր կը հասցնէր Պաղ պատերազմէն մեզի ծանօթ՝ «Գրէմլի գործընկեր» ըլլալու մեղադրանքը, որուն ի պատասխան Թրամփը կը շպրտէրՙ «ինչպիսի զզուելի (nasty) կնիկ է» վիրաւորանքը, որ անմիջապէս ընդհանրացաւ Հիլարիի կողմէն իբրեւ «կանանց արժանապատուութիւնը վիրաւորող» բնորոշմամբ: Բայց գլուխգործոցը դաձեալ կը պատկանէր Թրամփին, որ յայտարարեց կամ հասկցուց, որ ինքը կրնայ չընդունիլ ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքը, ինչ որ 240 տարուան ընտրական օրինակելի աւանդոյթներ ունեցող Մ. Նահանգներու պատմութեան մէջ իսկապէս աննախադէպ է: Ըստ երեւոյթին ամերիկացիները այդքան միջամտելով Հայաստանի ընտրական գործընթացներունՙ վարակակիր դարձած են, մեզմէ...
Առայժմ կողմ թողնելով երկու կռուազաններու Թրամփի եւ Քլինթընի փոխհամաձայնողներու պատերազմը, ուր այժմ 52 տոկոսով յաղթող կը համարուի տիկին Հիլարին, իր ախոյեանի 39 տոկոսի դիմաց, շատ կարճ անդրադառնանք հայկական շահագրգռութիւններուն յետագային աւելի հանգամանալից անդրադարձ կատարելու խոստումով:
Առաջին այս անգամ բարեբախտաբար թեկնածուներէն որեւէ մէկը չխոստացավ ընտրուելու պարագային Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալ: Հայերուս սրբազան Դատը այս անգամ զերծ մնաց տգեղ եւ խիստ վիրաւորական շահարկումներէն:
Երկրորդ՝ Մ.Նահանգներու հայկական ընտրազանգուածը, որ նախորդ տարի, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի օրը, ցոյց տուած էր 150 հազարանոց իր ուժը Լոս Անճելոսի քայլերթի ժամանակ, մնաց անօգտագործելի ՝ կեդրոնական ղեկավարման կամ համակարգման բացակայութեան պայմաններուն մէջ:
Երրորդ՝ նոյն հայկական ընտրազանգուածը, հաւաստի դիտարկումներու համաձայն, մնաց տարբաղադրուած Քլինթընի եւ Թրամփի ճամբարներուն միջեւ. Արեւելեան ափըՙ գերազանցապէս Հանրապետական, իսկ Արեւմտեան ափը ՝ մեծ մասամբ Ժողովրդավարական, մտածելու առիթ տալով բոլորիս:
Յակոբ Աւետիքեան
«Ազգ»