Կիրակի, 24 Մարտ, 2019, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պոլսահայերու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ մեծարանքի եւ գնահատանքի արդար ձեռնարկ մը, ի պատիւ` Լոս Անճելոսի հայութեան երկարամեայ ծառայողներէն, եւ մանաւանդ` Պոլսահայերու ամբողջանուէր անդամներէն Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանին:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է մեր գաղութէն ներս իր բազմաբեղուն ծառայութիւններով հանրածանօթ Պոլսահայերու միութեան կողմէ:
Այդ օր իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը եւ մեծարեալը պիտի պատուեն հայ ժողովուրդի բարեկամ` Դոկտ. Թանէր Աքչամ եւ վերջերս Հայաստան հաստատուած, ֆրանսահայ ծանօթ մտաւորական` Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսը, ինչպէս նաեւ գաղութիս մտաւորականներու եւ ազգային գործիչներու հոյլ մը:
Գրել Տոքթ. Յովհաննէս Աւետիքեանի ծառայութիւններուն մասին, կը նշանակէ գրել յետ եղեռնեան սերունդին մասին. այն գործիչներու եւ ազգայիններու մասին, որոնք վերջին 70-100 տարիներուն Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ մէջ գործող կամ գոյութիւն ունեցող հայ եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ մշակութային կեանքին տէր ու պահապան եղան: Այդ սերունդը իր կեանքը վտանգելով, կուրծք տուաւ թուրք ազգայնամոլ իշխանութիւններուն եւ պաշտպան եղաւ մեր ժառանգութեանց եւ հաստատութեանց: Անոնցմէ մին է Տոքթ. Աւետիքեան, որ իր եռանդուն գործունէութեամբ Պոլսոյ մէջ դպրոցներու, եկեղեցիներու, երգչախումբերու եւ մշակութային հաստատութիւններու կեանք եւ աւիշ տուած է իր ողջ կեանքի ընթացքին:
1977-ին Տոքթ. Աւետիքեան իր նորահարս տիկնոջ` Սեդային հետ Ա.Մ.Ն. կը տեղափոխուի: Հոս եւս մէկ տարի իր վկայականները վաւերացնելու շրջանէն ետք, ան կը լծուի մեր գաղութի բազմաթիւ եւ բազմատեսակ ծառայութիւններուն:
Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակի անունը անխզելիօրէն կապուած է իր այնքան սիրած եւ ծառայած Պոլսահայերու Միութեան հետ, որ երկուքը իրարու հոմանիշ դարձած են կարծես:
Քառասուն տարիէ ի վեր ծանօթ ենք Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակի ազգային անաղմուկ, բեղուն ծառայութիւններուն: Ծանօթ ենք անոր հեզ, խոնարհ եւ բարեկիրթ բնաւորութեան: Անոր հետ աշխատած ենք քանի մը մարմիններու մէջ, եւ միշտ արժանացած է մեր սիրոյն եւ յարգանքին, շնորհիւ իր դրական մտածողութեան եւ իր անսակարկ նուիրումին:.
Պոլսահայերու համով-հոտով արեւմտահայերէնով, քաղցրախօսութեամբ եւ մարդկային ազնուագոյն նկարագիրը կրող այս «աղբարիկ» մարդուն մէջ, մենք միշտ ալ տեսած ենք Պոլսոյ պատուական հայութեան տիպարը:
Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան Լոս Անճելոսի մէջ պոլսահայերու միութեան բաբախուն սիրտն է. հոն մօտ քառասուն տարի անընդմէջ ծառայած է մշակութային յանձնախումբի ատենապետի հանգամանքով, բազմաթիւ, բազմատեսակ եւ բազմաբնոյթ մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպելով: Եղած է գաղութի պարծանքը հանդիսացող Արեւմտեան թեմի Մայր Տաճարի Խաչատուրեան քառաձայն երգչախումբի հիմնադիրներէն մին: Արարատ Charter School-ի, գաղութիս Միացեալ Մարմնի հիմնադիրներէն մին, իսկ Առաջնորդարանի «Զուարթնոց» յանձնախումբի վարչականներէն մին է ան:
Սկաուտի պէս պատրաստ, ազգային բոլոր նուիրահաւաքներուն մասնակցող, ձեռնարկներուն օժանդակող մեր սիրելի եւ պատուարժան ղեկավարներէն է Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որուն սրտանց կը շնորհաւորենք այս արժանի եւ արդար գնահատանքին համար, մաղթելով իրեն եւ իր թանկագին կողակիցին արեւշատ օրեր եւ մշտատեւ ծառայութիւններ:
Խաչիկ Ճանոյեան
«Մասիս»