image

Աննախընթաց զարգացում Սուրիոյ մէջ. Իսրայէլ հարուածեց «Թայֆուր» օդակայանը.Կան Զոհեր

Աննախընթաց  զարգացում Սուրիոյ մէջ. Իսրայէլ  հարուածեց    «Թայֆուր» օդակայանը.Կան Զոհեր

Երէկ  կէս գիշերը անց  Իսրայէլ  հարուածեց     «Թայֆուր»ի  զինուորական   օդակայանը:  Այս մասին լուրը   տրուեցաւ    արաբական շարք    լրատուամիջոցներու կողմէ:

Ըստ նախնական տուեալներու     իսրայէլեան  օդուժի  հարուածներուն հետեւանքով  գրանցուած   են զոհեր  եւ վիրաւորներ:     Դէպքէն  ժամեր  անց   «Փէնթակոն»ի  մէկ  բանբերը   յայտարարեց, որ  ԱՄՆ կապ չունի      այս յարձակումին հետ, մինչ    Իսրայէլացի    մէկէ   աւելի   բանբեր  յայտարարեցին,  որ      «Սուրիոյ մէջ       «կարմիր  գիծեր»  կան»  եւ իրենք   պարտաւոր  են   պահպանել   այդ       «կարմիր գիծեր»ը:  

 

    Յիշեցնենք, որ     Հոմսի  «Թայֆուր»  օդակայանին անունը անմիջական կերպով   կապուած է  անցեալ   փետրուարին     իսրայէլեան  F-16  տիպի  կործանիչին վար  առնելու դէպքին  հետ: