ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Աննա Նաղտալեան մեկնաբանած է խաղաղ բանակցային գործընթացի վերաբերեալ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան վերջին օրերուն կատարած յայտարարութիւնները:
Աննա Նաղտալեան պատասխանած է «Ինթերֆաքս»-ի գործակալութեան ահրցին:
Հարց. Ինչպէս կը մեկնաբանէք Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ՝ խաղաղ բանակցային գործընթացի վերաբերեալ վերջին օրերուն կատարած յայտարարութիւնները:
Պատասխան. Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ունի երեք կողմ, որոնք հրադադարի մասին համաձայնագիր ստորագրած են: Նախապէս Ատրպէյճան բանակցութիւններ կը վարէր ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ:
Այնուհետեւ Ատրպէյճանը հրաժարեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ բանակցութիւններէ: Եթէ այժմ Ատրպէյճանը կը հրաժարի բանակցութիւններ վարելէ Հայաստանի հետ, ապա պարզ չէ, թէ որուն հետ այդ երկիրը պիտի խօսի ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ: Ատրպէյճանը մտադիր է վերսկսելու բանակցութիւնները ղարաբաղեան կողմին հետ, թէ՞ ոչ: Մենք չենք գիտեր:
Վերջերս Ատրպէյճան տարբեր ձեւերով կը փորձէ պատերազմի սպառնալիքներով հանդէս գալ: Եթէ բանակցութիւններէն դուրս գալու սպառնալիքը այս շարքէն է, ապա ատիկա մեզի չի զարմացներ եւ չի տպաւորեր:
Հայաստան կը մերժէ սպառնալիքի լեզուն եւ հանդէս կու գայ խնդրի խաղաղ լուծման դիրքերէն: