Միջազգային «Amnesty International» իրաւապաշտպան ընկերութիւնը Թուրքիոյ Տիարպէքիր նահանգի բնակչութեան վիճակի վերաբերեալ զեկոյց նախապատրաստած է: Թրքական «Cumhuriyet» թերթի կայքի տեղեկացմամբ՝ «Բռնի տեղահանուածներ եւ ունեզրկուածներ. Սուրի բնակիչներու տուն վերադառնալու իրաւունքը» վերնագրով զեկոյցը ներկայացուած է Տիարպէքիրի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:
Զեկոյցը կազմուած է Տիարպէքիրի Սուր շրջանէն տեղահանուած 26 ընտանիքի, տեղի հասարակական կազմակերպութիւններու եւ պաշտօնյաներու հետ իրականացուած հանդիպումներու արդիւնքով:
Ըստ այդմ՝ 2015թ. ամռան տեղի ունեցած զինեալ բախումներու հետեւանքով Սուրէն, ընդհանուր առմամբ, հեռացած է 40.000 մարդ: Իսկ այն թաղամասերը, ուր պարբերաբար պարետային ժամեր յայտարարուած են, հեռացած է գրեթէ ողջ բնակչութիւնը (շուրջ 24.000 մարդ): Պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն՝ բախումներու արդիւնքով այս շրջանին մէջ աւերուած է 1750 տուն: Ընդհանուր առմամբ, թանկերու եւ ծանր հրետանիի մասնակցութեամբ ընթացող բախումները Սուրի մէջ 321 խաղաղ բնակիչի կեանք խլած է, որոնցմէ 79՝ անչափահաս:
Զեկոյցի մէջ ուշադրութեան կը հրաւիրուի այն փաստի վրայ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները երկրի մէջ անվտանգութեան ապահովման հետ կապուած լուրջ խնդիրներ ունին, իսկ ներքին զարգացումներուն անոնց արձագանգը ծայրաստիճան անհամաչափ է:
«Amnesty International»-ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով տնօրէն Ճոն Տալհուիսէնի խօսքով՝ իրենք տպաւորութիւն ստացած են, թէ տեղահանուածներու տուներու աւերումը նախապէս ծրագրաւորուած մասսայական պատիժի ձեւ մըն է: Եւ Թուրքիոյ կառավարութեան յետագայ քայլերը դեռ չեն նպաստած, որպէսզի այդ տպաւորութիւնը փոխուի:
Կազմակերպութիւնը շեշտած է, որ տեղահանուածները իրաւունք ունին վերադառնալ իրենց տուները, իսկ կառավարութիւնը պարտաւոր է անոնց վերադարձը ապահովելու պայմաններ ստեղծել: Զեկոյցի մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ այն տնտեսական բարդ խնդիրներուն, որոնք ծառացած են իրենց տուները հարկադրաբար լքած հազարաւոր քաղաքացիներու առջեւ: