ԱՄՆ սկսած է զարգացած THAAD հակահրթիռային համակարգեր տեղակայել Հարաւային Քորէայի տարածքին, որպէս պատասխան Հիւսիսային Քորէայի կողմէ սադրիչ գործողութիւններու եւ պալիսթիք հրթիռներու փորձարկումներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Reuters-ը՝ ԱՄՆ Խաղաղովկիանոսեան հրամանատարութեան յղումով:
Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ այս քայլը զգալի լարուածութիւն կրնայ առաջացնել Հարաւային Քորէայի եւ Չինաստանի միջեւ, քանի որ Փէքինը դէմ է, որ այդ համակարգերը տեղակայուին Հարաւային Քորէայի մէջ ու խախտեն տարածաշրջանային անվտանգութեան հաւասարակշռութիւնը: