Աւստրալիոյ Հարաւային Աւստրալիա նահանգի խորհրդարանի ստորին պալատը պաշտօնապէս ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը՝ դատապարտելով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բնիկ հայկական տարածքներ ներխուժելու արարքը: Այս մասին կը յայտնէ Հայ դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը, նշելով որ համապատասխան բանաձեւն ընդունուած է խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ տեղի ունեցած քուէարկութեան շնորհիւ:
Օրէնսդիր Թոմ Կուցանթոնիսի առաջ քաշած պատմական բանաձեւին մէջ նաեւ ըսուած է, որ «Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի գործողութիւնները, որոնք կ'իրականացուին փանթուրքիստական ազգայնականութեան քաղաքականութեան ծիրէն ներս, նախապէս յանգեցուցած են ցեղասպանութեան, իսկ այժմ կը սպառնան Արցախի հայկական բնակչութեան նկատմամբ էթնիք զտում իրականացնել»:
Հայ դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնած է բանաձեւի հեղինակներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր այն խորհրդարանականներուն, որոնք քուէարկած են անոր օգտին: