image

ԱՄՆ-ի գլխաւորած դաշնութեան գործողութիւնները անընդունելի են. ՌԴ-ի ԱԳՆ

ԱՄՆ-ի գլխաւորած դաշնութեան գործողութիւնները անընդունելի են. ՌԴ-ի ԱԳՆ

Սիրիոյ մէջ  ԱՄՆ-ի գլխաւորած դաշնութեան օդուժի հարուածները, որոնց հետեւանքով կը զոհուին խաղաղ բնակիչներ, անընդունելի են եւ ենթակայ են քննարկման: «Ռիա նովոսթի» գործակալութեան հաղորդմամբ, սոյն յայտարարութիւնը տարածած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը:

Ինչպէս նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, 7 Դեկտեմբերին ԱՄՆ-ի գլխաւորած դաշնութեան ինքնաթիռները Սիրիոյ Ռաքքա նահանգի հիւսիսային  շրջաններուն քաղաքացիական հիմնարկներուն հարուածներ հասցուցած են, որուն հետեւանքով զոհուած է շուրջ 18 անձ եւ շատերը վիրաւորուած են:

Նշուած է նաեւ, որ տուժածներուն կեանքը փրկելու համար բժիշկները կը շարունակեն պայքարիլ: