Սիրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի գլխաւորած դաշնութեան օդուժի հարուածները, որոնց հետեւանքով կը զոհուին խաղաղ բնակիչներ, անընդունելի են եւ ենթակայ են քննարկման: «Ռիա նովոսթի» գործակալութեան հաղորդմամբ, սոյն յայտարարութիւնը տարածած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը:
Ինչպէս նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, 7 Դեկտեմբերին ԱՄՆ-ի գլխաւորած դաշնութեան ինքնաթիռները Սիրիոյ Ռաքքա նահանգի հիւսիսային շրջաններուն քաղաքացիական հիմնարկներուն հարուածներ հասցուցած են, որուն հետեւանքով զոհուած է շուրջ 18 անձ եւ շատերը վիրաւորուած են:
Նշուած է նաեւ, որ տուժածներուն կեանքը փրկելու համար բժիշկները կը շարունակեն պայքարիլ: