ԱՄՆ-ի Գլխաւոր դատախազութեան մէջ շուտով նոր հաստիք պիտի բացուի՝ յատուկ դատախազ Ռուսաստանի Դաշնութեան հարցերով: Այս հնարաւորութիւնը դիտարկելու պատրաստակամութիւն յայտնած է գերատեսչութեան ղեկավարի թեկնածու Ռոտ Ռոզէնշթէյնը, կը հաղորդէ The Guardian բրիտանական պարբերականը:
«Ես պատրաստ եմ յատուկ խորհրդական նշանակել, երբ անոր անհրաժեշտութիւնը զգամ՝ հիմնուելով Արդարադատութեան նախարարութեան գործունէութեան եւ քաղաքականութեան վրայ»,- յայտարարած է Ռոզէնշթէյնը:
Նշենք, որ ԱՄՆ-ի մէջ երկար ժամանակ է կը պահանջեն յատուկ քայլեր ձեռնարկել պարզելու համար Ռուսաստանի՝ ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն հնարաւոր միջամտութեան հարցը: