Լաթաքիա- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- ԱՄՆ-ի սենաթոր Ռիչարտ Պլաքի օգնական Ճենիս Լի Քորթ Քրամփը իր Սուրիա կատարած այցելութեան ընթացքին, դատապարտած է երկրի մէջ ահաբեկչութեան պատճառած տառապանքները, պահանջելով Ուաշինկթընէն վերջ տալ զինեալներու աջակցութեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Քրամփ ափսոսանքը յայտնած է, իր երկրի կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ ուղղուած այս պատերազմին եւ ահաբեկիչներուն տրամադրուած օժանդակութեան համար, յոյս յայտնելով, որ Ամերիկայի ժողովուրդը կը հասկնայ թէ Սուրիան ինչպէս զոհ դարձած է ահաբեկչութեան:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս այցելութեան առթիւ տուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Քրամփ յայտարարած է, որ «ժամանակը հասած է, որ այլեւս ամերիկացի ժողովուրդի արթննայ եւ գիտակցի, որ իր կառավարութիւնը կ'աջակցի Սուրիոյ պատերազմին, եւ որ ան պէտք է դադրեցնէ այդ մէկը եւ սկսի Սուրիոյ ժողովուրդի օգնութեան աշխատանքին»:
Կը նշուի նաեւ, որ Քրամփ նախապէս, կիրակի օր այցելած էր գաղթականներու «Հարեմ» կենդրոնը, ինչպէս նաեւ համալսարանի «Թըշրին» հիւանդանոցը եւ երէկ պիտ շարունակեր այցելութիւններ տալ այլ կեդրոններու: