image

Ամերիկա «կը փափաքի» որ Լիբանանեան բանակն ու «Հըզպալլա»ն թշնամիներ դառնան. «Bloomberg»

Ամերիկա «կը փափաքի» որ Լիբանանեան բանակն ու «Հըզպալլա»ն թշնամիներ դառնան. «Bloomberg»

Ամերիկեան «Bloomberg» լրատուական գործակալութիւնը յօդուած մը հրապարակած է, ուր հեղինակը՝ ամերիկացի յօդուածագիր Էլի Լայք պատմած է, թէ ԱՄՆ Քոնկրէսը կը ճնշէ Փենթակոնի վրայ, պահանջելով Լիբանան ուղարկուած ամերիկեան մարդասիրական օգնութիւններու արցը քննարկել:

Յօդուածագիրը նշած է, որ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով շեշտեց, որ Լիբանանի ընտրութիւնները միջոց մըն էին, որ «Հըզպալլա» առաւել զգալի կերպով իշխէ երկրին, հետեւաբար իշխելով նաեւ բանակին, սակայն յօդուածագիրին կարծիքով, Լիբանանի ներքին քաղաքականութեան վրայ «Հըզպալլա»ի ազդեցութիւնը նոր չէ: Ան վերջին տասնամեակին զգալի ներկայութիւն է Լիբանանի մէջ, իսկ ընտրութիւններու արդիւնքները եկան այդ ներկայութիւնը շեշտելու, որովհետեւ Սուրիոյ եւ Իրանի գերակայութեան դէմ ընդդիմացողներու համախմբումն այնքան ալ ուժեղ չէր:

Յօդուածագիրը կարծիք յայտնած է, որ այս բոլոր կատարուածները ԱՄՆ-ի դէմ պայքարի երեւոյթներէն են, միաժամանակ շեշտելով, որ 2007 թուականէն ի վեր ԱՄՆ մէկ միլիառ 700 միլիոն տոլարի չափով օգնութիւններ տրամադրած է Լիբանանի բանակին, մասնաւորապէս շեշտը դնելով այն բանին վրայ, որ այդ զինամթերքը պէտք չէ հասնի «Հըզպալլա»ի ձեռքը:

Էլի Լայք անդրադարձած է անցնող փետրուարին ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր հրամանատարութեան հրամանատարին յայտարարութեամբ, համաձայն որուն ԱՄՆ ուժերը միացած էին Լիբանանի բանակին, վերջինիս հետ միասին պայքարելու համար «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ, սակայն այսօր, Քոնկրէսի անդամներու մեծամասնութիւնը կը պահանջէ Լիբանանի բանակի հետ յարաբերութիւնները խզել, «Հըզպալլա»ն հզօրացնելէ խուսափելու համար: