image

Ամբողջ Եւրոպան «Քորոնա»ի թիրախ

Ամբողջ Եւրոպան «Քորոնա»ի թիրախ

Եւրոպայի մէջ առանց «քորոնա» ժահրի երկիր չէ մնացած՝ վերջինը Չերնոկորիայի մէջ յայտնաբերած են հիւանդութեան առաջին դէպքերը, մէկանգամէն երկու դէպք, յայտնած է երկրի վարչապետ Տուշքօ Մարկովիչը, կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»ն։

Չերնոկորիայի իշխանութիւնները ուսումնական հաստատութիւնները 16 մարտէն 15 օրով փակելու, բոլոր զանգուածային միջոցառումները արգիլելու, չերնոկորցիներու երկրէն դուրս գալու արգելքի եւ ժամանողներու ստուգման որոշում կայացուցած են։ Բացի այդ որոշուած է մինչեւ 2 ապրիլը արգիլել զբօսաշրջային նաւերու մուտքը Չերնոկորիայի նաւահանգիստներ։

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը 11 մարտին COVID-19 «քորոնա» ժահրի բռնկումը համավարակ յայտարարած էր։ Աշխարհի մէջ վարակուած է աւելի քան 173 000 մարդ՝ 152 երկիրներու մէջ, աւելի քան 7000 մարդ մահացած է։