Երկուշաբթի օր, Ալժերիոյ մէջ, հարիւրաւոր մարդիկ մասնակցած են՝ ալժերիացի պլոկըր Մուհամմէտ Թամալթի (42 տարեկան) յուղարկաւորութեան, որ իր մահկանացուն կնքած էր բանտին մէջ, ուր կը գտնուէր «երկրի նախագահին հայհոյանքներ եւ զրպարտութիւններ ուղած ըլլալու» մեղադրանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանս Փրէս» գործակալութիւնը, նշելով, Թամալթ յայտնի էր իշխանութիւններու հանդէպ իր քննադատական կեցուածքով եւ երկու տարուան բանտարկութեան ենթարկուած էր, դիմատետրի իր էջին տեղադրած նախագահին դէմ եղող գրառումներուն պատճառով:
«Լիպերթէ» պարբերականը այս մասին գրած է, թէ «երկար ժամանակ մարդու իրաւունքներու պահպանման ամենացած մակարդակի վրայ գտնուուղ երկիրը այս պատահարէն ետք, պիտի չկարենայ փոխել իր դիրքը»: Իր կարգին, «Ալ-ուաթան» պարբերականը յայտնած է, որ 90-աաններուն իր ազատութեան գինը շատ բարձր վճարած Ալժերական լրագրութեան պատմութեան մէջ նախադէպ համարուող այս մահը իշխանութիւններու համար «ամօթանք» մըն է, մատնանշելով 90ականներուն, իսլամական զինեալ խմբաւորումներու կողմէ շուրջ հարիւր լրագրողներու սպանութեան դէպքը:
Նշենք, որ Human rights watch-ը եւ Amnesty International կազմակերպութիւնները, ալժերիական իշխանութիւններուն պահանջ ներկայացուցած էին Թամալթի վերաբերեալ բանտարկութեան վճիռը չեղարկելու, նկատի ունենալով, անոր բրիտանական քաղաքացիութիւնը: