Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Պատարագներու հարցը օրերս քննարկման նիւթ դարձած է Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին կը գրէ «Միլլիյէթ»ը, որ թեմայի շուրջ զրուցած է Պոլսոյ Պատրիարքական ընդհանուր տեղապահ ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին հետ: Արամ Սրբազան նկատել տուած է, թէ ներկայ պահու դրութեամբ Աղթամարի մէջ տարեկան միայն մէկ պատարագ պիտի կատարուի: Սրբազան հայրը նաեւ ըսած է, որ եթէ արտերկրէն ուխտաւորներու խումբեր իրեն մօտենան եւ պատարագ կայացնելու դիմումներ ընեն, ապա իրենք պատրաստ են ընդառաջելու անոնց դիմումներուն: Սրբազան հայրը նաեւ յայտնած է, թէ պատարագին մասնակցողներու թիւը նուազում արձանագրած է՝ հազարէն իջած է 500-ի: Նշենք, որ անցնող Սեպտեմբերին մատուցուելիք ամէնամեայ պատարագը ջնջուած էր ապահովական պայմաններու բերումով: Մինչեւ այս պահը Աղթամար կղզիին շրջանին ընդհանուր ապահովական իրավիճակը կը համարուի վտանգաւոր: