10,11,12 օգսոստոսին ՀՀ ԳԱԱ Վ. Համբարձումեանի անուան Բիւրականի Աստղադիտարանէն կարելի պիտի ըլլայ դիտել շատ գեղեցիկ երկնային երեւոյթ մը՝ Փերսէիտներու ասուպային հոսքը: Այս ուղղութեամբ աստղադիտարանը կազմակերպած է դասախօսութիւն մը՝ «Վտանգաւոր աստղակերպեր» վերնագրով, որ պիտի ներկայացնէ դասախօս աստղադիտարանի տնօրէն՝ Արեգ Միքայէլեանը:
Մոլորակը Արեգակի շուրջ իր տարեկան պտոյտի ժամանակ երբ կ'անցնի կարգ մը երկնաքարերու կոյտերու ընդմէջէն կ'առաջանայ ասուպային հոսքեր: Շատեր այս երեւոյթը կը նմանցնեն աստաղաթափի: Իւրայատուկ խիտ հոսքերը յայտնի են, որպէս ասուպային անձրեւ, ասուպային բռնկումներ, ասուպային փոթորիկներ կամ «Աստղափաթեր» անուններով: Այսպիսի պարագաներուն կ'երեւին աւելի քան 1000 ասուպներ: Տարուայ մը ընթացքին կը նկատուին շուրջ 20 խիտ ասուպային հոսքեր: Ասուպները կարելի է տեսնել ամէն օր, սակայն ասուպային հոսքերու օրերուն, անոնց թիւը խիստ կ'աւելնայ:
Իսկ Փերսէիտներու ասուպային հոսքը կը սկսի 23 յուլիսին եւ կը տեւէ մինչեւ 22 օգոստոս, իսկ առաւելագոյն փուլը կը սպասուի 10-13 օգոստոսին, երբ ասուպներու թիւը կը հասնի ժամական 60-100ի, որ տարուայ ամէնէն աշխոյժ հոսքերէն մէկն է: Ասուպային հոսքի կեդրոնը կը գտնուի Փերսէոս համաստեղութեան ուղղութեամբ եւ այդ իսկ պատճառով կը կոչուի Փերսէիտ: Փերսէիտները սպիտակ արագընթաց ասուպներ են, որոնք հակառակ շատ փոքր ըլլալուն, նկատելի հետքեր կը ձգեն երկնքին վրայ: