image

ՄԱԿ ՓԳՀ-ն պիտի շարունակէ աջակցիլ կառավարութեան` սուրիահայերու հարցերով

ՄԱԿ ՓԳՀ-ն պիտի շարունակէ աջակցիլ կառավարութեան` սուրիահայերու  հարցերով

22 Ապրիլին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդունեց ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Աննա-Կարին Օստին:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի հետ նախարարութեան` որպէս պետական գործընկերոջ, սուրիական հակամարտութեան արդիւնքով տեղահանուած անձանց աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցին մէջ արդէն աւանդական դարձած համագործակցութեան, յառաջիկայ փոխգործակցութեան հեռանկարներուն եւ ուղղութիւններուն: Աննա-Կարին Օստը հետաքրքրուեցաւ նախարարութեան յետագայ կարգավիճակի եւ այդ պարագային համատեղ աշխատանքերու ընթացքի մասին: Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նշեց, որ նախարարութիւնը կը վերակազմաւորուի, եւ վարչապետի աշխատակազմին մէջ պիտի ստեղծուի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ, որն առաւելապէս համակարգման գործառոյթ պիտի ունենայ միւս նախարարութիւններուն, գերատեսչութիւններուն` սփիւռքի գիծով աշխատանքներուն: Գրասենեակը ծրագիրներ պիտի չիրականացնէ, սակայն վստահաբար առկայ համագործակցութիւնը կը շարունակուի նաեւ այդ ձեւաչափով:

ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչն ընդգծեց` ՄԱԿ ՓԳՀ-ն պիտի շարունակէ աջակցիլ կառավարութեան երկրին մէջ սուրիահայերու, փախստականներու կարգավիճակ ունեցող անձանց  իրաւական, ընկերային-տնտեսական եւ մշակութային ընդելուզման դիւրացման: Այդ ուղղութեամբ հայաստանեան գրասենեակը ընդելուզման եւ ինքնաբաւ կենսակերպ վարելու բարելաւման համար կ՛ապահովէ կրթական լայն հնարաւորութիւններ, կը կազմակերպէ լեզուական խոչընդոտները յաղթահարելուն միտուած դասընթացներ, մասնագիտական դասեր` զուգորդուած աշխատանքային շուկայ մուտք գործելու համար անհրաժեշտ գործիքներու տրամադրմամբ:

Այս առումով երկուստեք կարեւոր համարուեցան տեղեկատուութեան հասանելիութեան, մատչելիութեան ապահովումը: Սակայն այսօր ալ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու մէկ մասը կը շարունակէ ունենալ առողջապահական եւ բնակարանային ապահովուածութեան խնդիրներ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ համագործակցութիւնը շարունակելու նաեւ այս ուղղութեամբ:

Հանդիպման աւարտին խօսուեցաւ Հայաստան եկած սուրիահայերու վերաբերեալ յստակ վիճակագրութեան անհրաժեշտութեան մասին, ուր համադրուած կ՛ըլլան տարբեր օղակներու կողմէ վերցուած եւ համեմատուած տուեալները: Բաբգէն Տէր Գրիգորեան կարեւորեց նման վիճակագրութեան կազմումը եւ աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց: