image

Պատրաստ ենք աջակցիլ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին. Անթընի Պլինքըն

Պատրաստ ենք աջակցիլ  Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին. Անթընի Պլինքըն

Միացեալ Նահանգները կ՚ողջունէ աշխատանքը, որ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ, եւ մենք կը շարունակենք պատրաստ ըլլալ աջակցելու այդ ջանքերուն, շրջելու երկարամեայ հակամարտութեան էջը եւ կառուցելու աւելի լաւ ապագայ։

Այս մասին ըսուած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի՝ Ատրպէյճանի Անկախութեան օրուան կապակցութեամբ շնորհաւորական ուղերձի մէջ:

«Մենք լիովին հաւատարիմ ենք այս նպատակին, որ կը զօրացնէ կապը եւ տնտեսական օգուտներ կը բերէ ողջ տարածաշրջանին: Այս կարեւոր տօնին՝ ի պատիւ Ատրպէյճանի անկախութեան, ես կը վերահաստատեմ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Ատրպէյճանի անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան», -ըսուած է ուղերձին մէջ: