image

ԱՄՆ-ն կը շարունակէ աջակցիլ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան նպաստելու ջանքերուն. Ռուպիո

ԱՄՆ-ն կը շարունակէ աջակցիլ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան նպաստելու ջանքերուն. Ռուպիո

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ աջակցիլ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան խթանման ճիգերուն, որոնք վճռորոշ են Հարաւային Կովկասի բարօրութեան համար։

Այս մասին նշուած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի՝ Ատրպէյճանի Անկախութեան օրուան նուիրուած ուղերձին մէջ։

«Մենք ուրախ ենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի բնագրին շուրջ ձեռք բերուած փոխհամաձայնութեան կապակցութեամբ»,–ընդգծած է ան՝ աւելցնելով, որ ԱՄՆ կը ցանկայ խորացնել իր համագործակցութիւնը Պաքուի հետ՝ ամբողջ տարածաշրջանի համար խաղաղ եւ բարօր ապագայ ապահովելու նպատակով։