image

Կովսականի մէջ տեղի պիտի ունենայ Գէորգ Հաճեանի համերգը` նուիրուած Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին

Կովսականի մէջ տեղի պիտի ունենայ Գէորգ Հաճեանի համերգը` նուիրուած Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմի հետ համագործակցութեամբ 22 մարտին Կովսական համայնքէն ներս պիտի կայանայ լիբանանահայ հայրենադարձ երգիչ, Կոմիտասի երգերու մեկնաբան Գէորգ Հաճեանի համերգը` նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին:

«Արցախբրես»-ի թղթակիցին  հետ  զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած  է Համազգային հայ կրթական  եւ մշակութային միութեան Արցախի   գրասենեակի  պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան, նշելով, որ  համերգին  պիտի հնչեն կոմիտասեան սիրուած երգեր, ինչպէս նաեւ ազգային-հայրենասիրական  շարք մը կատարումներ:

Անոր  խօսքով`  ծրագիրը  նպատակ ունի Արցախի սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ ապրող հանրութեան հաղորդակից դարձնել  հայկական ազգային մշակութային բարձր արժէքներուն:

Ան նաեւ  տեղեկացուցած  է, որ  Գէորգ Հաճեան եօթ օրեայ  ծրագիր պիտի իրականացնէ Կովսականի մէջ. այդ օրերուն ընթացքին երգիչը տեղի երիտասարդներուն ու դպրոցականներուն պիտի ուսուցանէ  նաեւ կոմիտասեան երգեր:

Նշենք, որ  համերգի մուտքն ազատ է: