image

Հալէպի մէջ. Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած միջյարանուանական յուշահանդէս (Լուսանկարներ)

Հալէպի մէջ. Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած միջյարանուանական յուշահանդէս (Լուսանկարներ)

Հալէպի մէջ հովանաւորութեամբ հայ երեք Համայնքապետներուն, տեղի ունեցած է միջյարանուանական յուշահանդէս՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի «Գանձասար»էն, որ այս մասին կը գրէ՝ 

Հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան  109-րդ տարելիցին նուիրուած միջյարանուանական յուշահանդէս։

Հանդիսութեան ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, ՀՀ Մարդասիրական խումբի հրամանատար, գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու, հաստատութիւններու,  Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր եւ հայրենակիցներ:

Յուշահանդէսը սկիզբ առաւ Տէրունական աղօթքի հաւաքական երգեցողութեամբ։

Օրուան հանդիսավարն էր Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային հանրայայտ դէմքերու վկայութիւններէն պարբերաբար մէջբերումներ կատարեց։

 Բացման խօքով հանդէս եկաւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։ Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ 24 Ապրիլը կը խորհրդանշէ իւրաքանչիւր հայու, անկախ իր տարիքէն, սեռէն, քաղաքական եւ կուսակցական պատկանելիութենէն,  Ցեղասպանութեան ճանաչումի ու հատուցումի դատին հետամուտ մնալը։ Տէր Արմէն հաստատեց, որ վերանորոգ հաւատքով ու պահանջատիրութեան ոգիով կը խոնարհինք մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին առջեւ, ուխտելով տէր ու պաշտպան կանգնիլ Հայ Դատին՝ միասնական ջանքերով, հաւատարիմ մնալ մեր նախահայրերու  քրիստոնէական եւ ազգային սկզբունքներուն ու արժէքներուն։

Գեղարուեստական յայտագիրով Աննա Սաղպազարեան մեներգեց «Երազ Իմ Երկիր»-ը, Պարոյր Սեւակի հոգեթով  «Եռաձայն Պատարագ»-ը մեկնաբանեցին Աննա Պարսումեան եւ Վիգէն Չաղլասեան, սրինգի ընկերակցութեամբ Անդրանիկ Կիւլտալեանի։ Սոյն բաժիններուն դաշնամուրի վրայ կ'ընկերակցէր Շողեր Օհանեան-Քահքէճեան։ 

Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Սելիմեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակութիւնը ժողովուրդին համար խորհրդանիշ մըն է յոյզերու ու ցաւերու, մեր յոյսերուն, դատին եւ պահանջատիրութեան: Վերապատուելին ըսաւ. « Ապրիլ 24-ին բազմաթիւ հայերու միտքերուն մէջ կը տողանցեն որոշ նիւթեր, որոնցմէ կարելի է թուել.

Ա) 24 Ապրիլը հայոց պատմութեան ամէնէն տխուր եւ ողբերգական էջերէն մէկն է, գործադրուած Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Մութի մէջ ծրագրուած եւ լոյսի մէջ գործադրուած այս անմարդկային ոճիրը ոչ  միայն արմատախիլ ըրաւ հայ ժողովուրդը իր դարաւոր բնաշխարհէն, այլ նաեւ անոր կէսը դարձուց յուղարկաւոր, միւս կէսը` տարտղնելով արիւնաքամ «Մնացորդաց»՝ հեռաւոր, օտար ափեր։ 24 Ապրիլը խորհրդանիշ է ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ համայն մարդկութեան դէմ գործուած մեծ ոճիրի մը: Թուրք կառավարութիւնը թէեւ կ՚ուրանայ, բայց հայութեան դատը ապրող դատ է: Տարակոյս չկայ, որ անոր շուրջ շատ հաշիւներ կան, բայց ան մեր դատն է` այս աշխարհի արդարագոյն դատերէն մէկը… Եւ մենք ենք այդ դատին իրաւատէրը: Ուստի հայութիւնը համադրուած եւ համակարգուած աշխատանքով պէտք է գործի լծուի Հայ Դատի խիզախ երթը իր յաջող աւարտին հասցնելու համար:

Ապա «Սուրբերու Աչքեր» երգը մեներգեցին Կարպիս Աւագեան եւ Ճորճ Պէրպէրեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յովիկ Օհանեանի։ 

Առաջնորդ Գերպ. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան վեր առաւ  մեղաւորներուն անտարբերութիւնը ընդդէմ անհերքելի իրականութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան։

«Մեղաւորները կը վայելեն պատիւներ, իսկ բարիները՝ կը չարչարուին։ Ամբարտաւանները կ'իշխեն, իսկ բարիները՝ կը տուժեն։ Հպարտները առաջին տեղերը կը գրաւեն, իսկ հեզերը՝ վերջաւորութեան կը մնան» ըսաւ ու հարց տուաւ։ «Ինչպէ՞ս պիտի յաղթենք չարին։ Չարը մեզ կը տանջէ, մեզ կը հալածէ եւ կը սպանէ։ Նոյն չար թուրքը այսօր չար կը մնայ ու չարութիւն կը գործէ, ու մենք անոր հետեւանքը կը կրենք։ Չարը յաղթեց օրէնքին, Արցախի մէջ եւ տիրացաւ անոր։ Ինչպէ՞ս, Տէ՛ր, մենք բարիով պիտի յաղթենք չարին»։ 

Եւ վերջապէս հաստատեց, որ մենք որպէս հաւատացեալ ժողովուրդ, որպէս իրաւատէր կը հաւատանք մեր ազգի պահանջին ու անոր ուշ կամ կանուխ հատուցման։

Այնուհետեւ Ռոզի Շուշանեան ջութակով եւ Ռուզան Պարսումեան դաշնամուրով մեկնաբանեցին Կոմիտասի «Կռունկ»-ը։

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասի  երգչախումբը  ներկայացուց  «Հրաշացան» եւ «Ձօն Նահատակաց» երգերը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ բժշկ. Սարգիս Իսկէնեանի։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան ժողովուրդին իր պատգամը ուղղելով ըսաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը կ'ոգեկոչենք՝ յիշելով մեր 1, 5 միլիոն սուրբ նահատակները։ Անգամ մը եւս հայութիւնը կը համախմբուի՝ իր յարգանքի տուրքը ընծայելու մեր նահատակ հայորդիներու զոհասեղանին: 

Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ ցեղասպան թուրքին գործած արարքը աշխարհի մէջ տիրող չարութեան դրսեւորումն է։ Աստուծոյ պատուիրածը արդարութիւնը, ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը սիրելն է։ Այսօր աշխարհը Աստուծոյ պատուէրին դէմ կը գործէ՝ իրաւազրկելով իր նմանները։ 

Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Աստուած իր ծրագիրը ունի մարդոց համար, որ պիտի իրականացնէ։ Էական է, որ մենք այդ ճանապարհին մէջ ըլլանք եւ Աստուծմով առաջնորդուինք։ 

Մակար Սրբազան եզրափակելով ըսաւ, որ սրբադասուած նահատակներուն օրինակին հետեւելով մեր կենցաղով, մշակած ծրագիրներով եւ գործունէութիւններով նպատակասլաց կեանք վարենք եւ սատարենք մեր արդար դատի պահանջատիրութեան։ 

 Այն ատեն մեր դատը յաջողութեամբ պիտի պսակուի եւ բոլորս պիտի տեսնենք այդ մէկը, բայց համբերութիւն պէտք է, կամք պէտք է, հաւատարմութիւն պէտք է՝ մեր կրօնական ճշմարտութիւններուն, մեր ազգային արժէքներուն, մեր լեզուին եւ մշակոյթին նկատմամբ:

 Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ հայ երեք համայնքապետներուն առաքելական միասնական օրհնութեամբ եւ երգչախումբի «Կիլիկիա» երգեցողութեամբ։

Հանդիսութեան աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ ծաղկեմատոյց  կատարուեցաւ յանուն  երեք համայնքապետներուն։