Քուէյթի մէջ իր մահկանացուն կնքած է 20-ամեայ Նանոր Քէթէնճեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:
Անոր յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ շաբաթ 22 սեպտեմբերին, ժամը 4:00-ին, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:
Հանգուցեալի հարազատները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին նոյն օրը, եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս, ժամը 6-էն 10, ինչպէս նաեւ 23 սեպտեմբերին՝ ժամը 6-էն 10-ը: