Ամերիկացի օսքարակիր դերասան Ռոպերթ Տէ Նիրօ «Թոնի» թատերական արուեստի մրցանակաբաշխութեան բեմէն սուր քննադատութեան ենթարկած է ԱՄՆ նախագահ Թրամբը եւ հայհոյած է վերջինիս, որուն ի պատասխան ներկաները յոտնկայս ծափահարած են անոր, կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ Տէ Նիրօ այն դերասաններէն է, որ մշտապէս կը քննադատեն Թրամբը, ու վիրաւորական խօսքեր կ'ուղղեն անոր դէմ:
Ըստ տարածուած լուրերու, Տէ Նիրօ անցեալ ամիս յայարարած է, որ իրեն պատկանող ճաշարաններէն ու հիւրանոցներէն ներս Թրամբի մուտքն արգիլուած է, սակայն դերասանին անունով հանդէս եկող անձ մը հերքած է այդ լուրը: