image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի դէմ ԵՄ նոր պատժամիջոցները ուղղուած պիտի ըլլան անօդաչու թռչող սարքերու եւ պալիսթեան հրթիռներու դէմ

Իրանի դէմ ԵՄ նոր պատժամիջոցները ուղղուած պիտի ըլլան անօդաչու թռչող սարքերու եւ պալիսթեան հրթիռներու  դէմ

Եւրոմիութիւնը (ԵՄ) մտադիր է նոր պատժամիջոցներ սահմանել Իրանի նկատմամբ, որոնք կապուած պիտի ըլլան անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) եւ հրթիռներու հետ: Տեղեկութիւնը նշուած է Եւրոպական խորհուրդի նիստի աւարտին եղած յայտարարութեան մէջ, որ մեջբերած է Reuters գործակալութիւնը։

«ԵՄ-ն պատրաստ է Իրանի դէմ նոր սահմանափակող միջոցներ ձեռնարկելու, յատկապէս՝ անօդաչու թռչող սարքեր եւ հրթիռներ արտադրող ընկերութիւններու նկատմամբ», - նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Նման միջոցներ ձեռնարկուած են Իսրայէլի վրայ Թեհրանի յարձակման հետեւանքով։

Եւրոխորհրդարանը նաեւ կոչ կ՚ընէ բոլոր կողմերուն առաւելագոյն զսպվածութիւն ցուցաբերելու եւ զերծ մնալու որեւէ գործողութենէ, որ կրնայ մեծցնել լարուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ:

ԵՄ-ն չէ յստակեցուցած, թէ  երբ պիտի սահմանուին պատժամիջոցները։