image

Պատրաստ ենք աջակցելու տարածաշրջանային կայունութեան ուղղուած նախաձեռնութիւններուն․ Վրաստանը՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի մասին

Պատրաստ ենք աջակցելու տարածաշրջանային կայունութեան ուղղուած նախաձեռնութիւններուն․ Վրաստանը՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի մասին

Վրաստանը պատրաստ է համագործակցելու իր հարեւան երկիրներու հետ՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բազմազանման եւ ամրապնդման ընդհանուր նպատակին հասնելու համար։

Այս մասին ընդգծած են Հայաստանի մէջ Վրաստանի դեսպանութենէն՝ պատասխանելով «Արմէնփրէս»-ի հարցին, թէ Վրաստանը ինչպէ՞ս կը վերաբերի Հայաստանի կառավարութեան առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին։

«Մենք կը ճանչնանք Կովկասի ռազմավարական նշանակութիւնը որպէս հաղորդակցութիւններու համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող տարածաշրջան եւ անոր աճող կարեւորութիւնը կապի ապահովման գործի առումով:

Վրաստանը պատրաստ է համագործակցելու հարեւան երկիրներու հետ՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բազմազանման եւ ամրապնդման մեր ընդհանուր նպատակին հասնելու համար։ Մենք պատրաստ ենք աջակցելու այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը նպաստեն տարածաշրջանային կայունութեան, տնտեսական աճին եւ կապերու ընդլայնման»,- նշած են Վրաստանի դեսպանութենէն։