image
Հրատապ լուրեր:

Տուպայ գացած էին խրախճանքի մը համար. Թուրք գործարարի դուստրն ու ընկերուհիները կործանուած օդանաւի զոհերն են (Լուսանկարներ)

Տուպայ   գացած  էին  խրախճանքի մը համար. Թուրք գործարարի դուստրն ու ընկերուհիները կործանուած օդանաւի զոհերն են (Լուսանկարներ)

Երէկ Իրանի վերեւ ջախջախուած օդանաւին ուղեւորները Պոլիսէն Տուպայ խրախճանքի համար մեկնած թրքուհիներ  են, որոնց մէջ է նաեւ թուրք  յայտնի գործարարի մը դուստրը: Այս մասին լուրը տրուեցաւ  LBCI  կայանին կողմէ, որ նաեւ նշեց, որ Գանատա պատրաստուած թրքական «Bombardier 30» սեփական  օդանաւին մէջ եղող 11 անձերը, որոնք զոհուած են (ութ ուղեւոր եւ երեք անձնակազմի անդամ) Թուրքիոյ քաղաքացիներ են:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ օդանաւը ջախջախուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութենէն դէպի Թուրքիա վերադարձի ճանապարհին:

Թուրքիոյ փոխադրամիջոցի նախարարի համաձայն, օդանաւը պատկանած է ուժանիւթի շինարարութեան եւ զբօսաշրջութեան աշխատանքներով զբաղուող «Պաշարան» ընկերութեան, որ կը պատկանի թուրք գործարար Հուսէյն Պաշարանին:

Թրքական Կարմիր մահիկի ղեկավար  Քրիք Քինիք հրապարակած է ուղեւորներու ցուցակը, որուն մէջ կան Պաշարանի եւ անոր ընկերուհիներուն անունները: Քինիք նշած է, որ իրանեան շտապօգնութեան խումբերը փորձած են հասնիլ օդանաւին  ինկած վայրը, սակայն այդ մէկը 3-4 ժամ պահանջած է՝ եղանակի վատ պայմաններու պատճառով:

«Պաշարան» ընկերութեան տնօրէնութեան խորհուրդի նախագահի դուստրը՝ 28-ամեայ Մինա Պաշարան իր «Ինսթակրամ»ի էջին Տուպայ կատարած պտոյտէն նկարներ հրապարակած էր, ուր ան ընկերուհիներուն հետ նշած էր իր ամուրիութեան հրաժեշտի խրախճանքը, եւ այդ նկարներուն մէջ կայ նաեւ զիրենք փոխադրելու պատրաստուող օդանաւի նկարը:

 

1

 

1

 

1