image

Թուրքիան բարձր կը գնահատէ Ալիեւի՝ Կրանատա չմեկնելու որոշումը. իշխող կուսակցութեան փոխնախագահ

Թուրքիան բարձր կը գնահատէ Ալիեւի՝ Կրանատա չմեկնելու որոշումը. իշխող կուսակցութեան փոխնախագահ

Թուրքիան բարձր կը գնահատէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Թուրքիոյ մասնակցութեան պայմանները չընդունուելու պատճառով Կրանատայի մէջ կայանալիք հնգակողմ հանդիպումէն հրաժարելու որոշումը. այս մասին, ինչպէս յայտնած է yenisafak.com-ը, ըսած է «Թուրքիոյ Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան  փոխնախագահ, կուսակցութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Օմար Չելիքը։

«Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը չեղարկած է իր այցը Սպանիա, քանի որ Թուրքիոյ մասնակցութեան պայմանները չեն ընդունուած։ Մենք սա շատ կը գնահատենք: Թուրքիոյ բացակայութիւնը բանակցութիւններու սեղանէն Եւրոմիութեան տեսլականի բացակայութեան վառ օրինակ է։ Կը պատկերացնէ՞ք, որ այս հանդիպման պիտի մասնակցին Ֆրանսան, Գերմանիան, ԵՄ-ն, Հայաստանը, կը հրաւիրեն Ատրպէյճանը, իսկ Թուրքիան՝ ոչ»,-ըսած է Օմեր Չելիքը։