Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրած է իր քաղաքացիներուն զերծ մնալու Իրան, Իսրայէլ եւ Լիբանան այցելութիւններէն՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակի սրման սպառնալիքի պատճառով։ Այս մասին ըսուած է Ֆրանսայի ԱԳՆ-ի X-ի էջին տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ։
«Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ռազմական մագլցումի վտանգի պատճառով Ֆրանսայի քաղաքացիներուն խորհուրդ կը տրուի յառաջիկայ օրերուն զերծ մնալ Իրան, Լիբանան, Իսրայէլ եւ պաղեստինեան տարածքներ այցելելէ», - ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Գերատեսչութիւնը նաեւ նշած է, որ Թեհրան գտնուող ֆրանսացի դիւանագէտներու ընտանիքները պիտի լքեն երկիրը։ Բացի այդ, արգելք մտցուած է ֆրանսացի պաշտօնեաներու աշխատանքային այցերու վրայ այդ երկիրներ։