image

«Գոլսուզ Յակոբ» կամ Թուրքիոյ առասպելային հայ բժիշկը

«Գոլսուզ  Յակոբ» կամ Թուրքիոյ առասպելային  հայ բժիշկը

Թրքական «Սէօզճիւ» թերթը յատուկ  նիւթ մը հրապարակելով կը յայտնէ, որ հանրայայտ մաշկաբան Տոքթ. Յակոբ Կոթողեան այլեւս հիւանդ պիտի չխնամէ:

Մէկ թեւը կրսնցուցած եւ այդ իսկ պատճառով «Գոլսուզ Յակոբ» անունով յայտնի դարձած բժիշկը, 2015-ին, ամենաբարձր տուրքը վճարած է Թուրքիոյ մէջ՝ 419 հազար լիրա:

Թերթը լայնօրէն կ’անդրադառնայ բժիշկի կենսագրութեան ու վաստակին, յիշեցնելով, այն կողոպոտը որուն ենթարկուած էր բժիշկը, իր տան մէջ, երբ կողոպտողները Տիկ. Կոթողեանի ձեռքերն ու ոտքերը կապելէ ետք, մէկ ու կէս միլիոն  թրքական  լիրայի  համարժէք   ոսկեղէններ  թալանած են: