Օրերս ծանր կորուստ մը ունեցած են քուէյթահայ՝ Աբովեանները։
Երեւանի մէջ առողջական բարդութիւններ ունենալէ ետք իր մահկանցուն կնքած է Արշալոյս Պէրպէրեան- Աբովեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Կը նշուի, որ սրտային անհանգստութիւններ ունեցող Տիկին Արշոն գտնուելով Երեւանի մէջ դիմած է հիւանդանոց համապատասխան բուժում ստանալու համար, սակայն սրտային տագնապը վրայ հասնելով վերջ տուած է անոր երիտասարդ կեանքին։
Հանգուցեալը ամուսնացած էր Յակոբ Աբովեանին հետ եւ մայր՝ երկու զաւակներու ՝ Խաչիկ եւ Մարլին։
1968-ին Պէյրութ ծնած հայուհին իր կեանքի մեծ մասը անցուցած է Դամասկոսի մէջ ու այդ պատճառով ալ հարազատները յարմար նկատած են զինք յուղարկաւորել Սուրիոյ մայրաքաղաքին մէջ։
Ցաւակցութիւններ։