Մի քանի օրեր առաջ՝ Երկուշաբթի, 19 Փետրուար 2024-ին, Երեւանի Հերացի համալսարանական հիւանդանոցէն ներս յետ երկարատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքեց Լիբանանէն Հայաստան ներգաղթած Հայկուհի Գույումճեան:
Մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ «Արեւելք»ի մեր էջով յայտնած էինք Հայկուհի Գույումճեանի հիւանդութեան պարագան, մեր հայորդիներէն խնդրելով թէ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս զօրավիգ կանգնիլ:
Հանգուցեալի կտակին համաձայն դիակը Հայաստանէն պիտի փոխադրուի Լիբանան՝ հանգիստ գնտելու Լիբանան թաղուած ծնողական գերազմանին մէջ:
Հանգուցեալին թաղումը տեղի պիտի ունենայ 24 Փետրուար 2024-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ: