image

Վահէ Պէրպէրեանի փայլուն ելոյթը՝ Տուպայի մէջ

Վահէ Պէրպէրեանի փայլուն ելոյթը՝ Տուպայի մէջ

 Դժուարին եւ մեծ հարցումներով լեցուն մեր ժամանակներուն Վահէ Պէրպէրեանին կողմէ հնչեցուած հարցադրումները, ժպիտով սխալներն ու բացթողումները ցոյց տալու առաքինութիւնը բնականաբար բուժիչ ըլլալէ աւելին իւրայատուկ պատգամներ կը հաղորդեն մեր հայրենակիցներուն։

Վահէ Պէրպէրեանի «Սթանտ ափ գոմըտիներ»ը (Stand up comedy)ոչ միայն խնդուքի սովորական երեկոներ են, այլ նաեւ առիթ են   տարբեր ակնոցներով նայելու հայկական իրականութեան։

  Տաղանդաւոր Վահէ Պէրպէրեանը  միայն  խնդուքի   պատճառ չի հանդիսանար,այլ կ՚ուզէ հարցերը դնել սեղանին, խօսիլ հասցէատէրերուն մասին ու աւելին մղել հանդիսատեսը, որ ան եւս մտածէ լուծումներու մասին։

 Այս նախաբանը գրեցինք իմանալէ ետք Վահէ Պէրպէրեանի Տուպայի մէջ ունեցած փայլուն ելոյթին մասին, որ տեղի ունեցած է օրեր առաջ եւ աւարտած մեծ յաջողութեամբ։

 Նշենք, որ  Վահէ Պէրպէրեանի «Բայց» մենաներկայացումը վայելած է հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ  ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ շրջակայից Թեմակալ  Առաջնորդ  Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի  բարձր հովանիով գործող   թեմական խորհուրդի երիտասարդական յանձնախումբի  աջակցութիւնը։ Տասնեակ հայրենակիցներ գլխաւորութեամբ Թեմական Խորհուրդի՝ փոխատենապետ Ժիրայր Հապիպեանին կարեւոր ճիգեր գործադրած են յաջողցնելու համար Վահէի ձեռնարկը, որ տեղի ունեցած է Տուպայի «Հարտ ռոք գաֆէ» հռչակաւոր սրահին մէջ։

Ձեռնարկին յաջողութիւնը անշուշտ ոչ միայն սրահին բերնէ բերան լեցուն ըլլալն է, այլ աւելին  հանրութեան բուռն փափաքը նոյն ելոյթը կրկնելու առնչութեամբ։

 

 Դժուարին եւ մեծ հարցումներով լեցուն մեր ժամանակներուն Վահէ Պէրպէրեանին կողմէ հնչեցուած հարցադրումները, ժպիտով սխալներն ու բացթողումները ցոյց տալու առաքինութիւնը բնականաբար բուժիչ ըլլալէ աւելին իւրայատուկ պատգամներ կը հաղորդեն մեր հայրենակիցներուն։

 

 Բոլորին վարձքը կատար։

 

Լուրը՝  «Արեւելք»ի