image

Պատմական Ամարաս վանքը պիտի մնայ հայկական

Պատմական Ամարաս վանքը պիտի մնայ հայկական

Արցախի Մարտունիի շրջանի Մաճկալաշէն գիւղի մօտ գտնուող Ամարասի վանքն ատրպէյճանցիները չեն գրաւած, այն պիտի մնայ արցախցիներու վերահսկողութեան տակ․ այս մասին կը յայտնէ գիւղի դիմատետրեան էջը։

Ըստ վկայութիւններու՝ Ամարասի վանքի եկեղեցին հիմնադրած է Գրիգոր Լուսաւորիչը 4-րդ դարու սկիզբը։ Եւ 5-րդ դարու սկիզբը Մեսրոպ Մաշտոց Ամարասի վանքին մէջ բացած է Արցախի առաջին դպրոցը։