image
Հրատապ լուրեր:

«ՄԱԿ-ը արագօրէն պէտք է միջմատէ» Ռուս յայտնի լրագրողին խօսքը

«ՄԱԿ-ը արագօրէն պէտք է միջմատէ» Ռուս յայտնի լրագրողին խօսքը

Ինծմէ շատեր կը խնդրեն խօսիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին: Աւելի ճիշդ՝ շատ հայեր կը խնդրեն: Ատրպէյճանցիներու կողմէ նման խնդրանքներ չեն եղած: Այս մասին լրագրող Վլատիմիր Պոզները գրած է իր պաշտօնական կայքին մէջ:

«Որեւէ յայտարարութիւն ունի երկու կողմ: Առաջինը յուզական է: Ես շատ եղած եմ Հայաստան, ունիմ շատ հայ ընկերներ, շատ լաւ կը յիշեմ, թէ ինչ տեղի ունեցած է 1915-ին, այն, ինչ շատ երկիրներ ճանչցած են Թուրքիոյ կողմէ որպէս Հայոց ցեղասպանութիւն, տեղեակ եմ Ատրպէյճանի նախագահի շարք մը յայտարարութիւններուն մասին` կապուած Հայաստանի գոյութեան իրաւունքի: Զգացմունքային առումով ես Հայաստանի կողմէն եմ:

Սակայն կայ երկրորդ կողմ, որ կը պահանջէ իրավիճակի բացարձակ հաւասարակշռուած, առարկայական գնահատում: Ատոր մէջ չի կրնար ըլլալ «կողմ» կամ «դէմ»: Ցաւօք, ես չեմ կրնար նման գնահատական տալ, քանի որ այս իրավիճակը ես բաւականաչափ լաւ չեմ հասկանար, լաւ չեմ տիրապետեր, ես ոչ միայն մասնագէտ չեմ հանդիսանար, այլ ինչ-որ իմաստով, գոնէ որպէս լրագրող, այդ հարցով զբաղուող մարդ:

Եթէ Ղարաբաղի մէջ պատերազմ է, ՄԱԿ-ի գործը ամենահրատապ կերպով միջամտելն է: Եթէ որեւէ երրորդ երկիր կը միջամտէ, միջազգային հանրութեան գործը ամենավճռական կերպով, խիստ պատժամիջոցներու սպառնալիքի տակ, այդ գործողութիւնները դադրեցնել պահանջելն է: Վերջապէս, կարեւոր է երկու հակամարտող երկիրներու ղեկավարներուն բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստեցնել եւ անոնց ստիպել խաղաղ լուծում տալ այս բարդ խնդրին»,- գրած է ան: